ԳՐԻԳՈՐ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ
Ամէն կիրակի անպայմանօրէն եկեղեցի գացողը չեմ:
Չեմ տիրապետեր մեր հազարամեայ եկեղեցւոյ մերթ ոսկեայ եւ յաճախ ողբերգական պատմութեան:
Գրիգոր Լուսաւորիչէն Մովսէս Խորենացի, անցնելով Գրիգոր Նարեկացիէն, մինչեւ մեր դարաւոր զոյգ կաթողիկոսութեանց մանրամասնութիւններուն տիրապետելէ շատ հեռու եմ:
Չեմ կարդացած «Նարեկ»-ը: Կը խոստովանիմ նաեւ, որ կողքէ կողք չեմ լրացուցած Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը:
Մեր սքանչելի սուրբ պատարագին ծանօթ եմ իր ընդհանրականութեան մէջ միայն:
Սակայն…
Ամէն անգամ որ կը մտնեմ հայկական եկեղեցի, մարմինս կը վերածուի ելեկտրականացած մէկ զանգուածի մը, գլուխս արագօրէն տեղի կու տայ սրտիս, եւ սիրտս իր կարգին տեղի կու տայ հոգւոյս:
Եկեղեցւոյ մուտքին պլպլացող, կիսահալ մոմե՞րն են միթէ: Մեր եկեղեցիներուն խորաննե՞րն են իրենց խիստ նշանակելի եւ խորհրդաւոր «Է» տառով: Հայ կղերականին հաւատքն ու նուիրո՞ւմը, դպրաց դասին երգեցողութի՞ւնը, առաջնորդին գա՞հը: Արդեօք հայոց պատմութի՞ւնն է խտացուած քանի մը շարականներու մէջ, թէ Յիսուսի խաչելութիւնը` գծուած միջակօրէն տաղանդաւոր արուեստագէտի մը կողմէ: Այս բոլորին պատասխանը կարեւոր ալ չէ:
Գիտեմ, որ եկեղեցին իմ վրաս կը բանեցնէ կախարդական եւ անբացատրելի ազդեցութիւն մը` խոհուն, խորհրդաւոր իր հազարամեայ ծանրութեամբ:
Դպրաց դասը կ՛երգէ. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ որպէս Աստուած…»: Ակնթարթի մը մէջ արդէն հոգիս սաւառնած է, աչքերս լեցուած են ու ներաշխարհս աւելի իրար անցած է, քան` նոր պատրաստուող եւ օծուող սուրբ միւռոնի կաթսան: «Պապա, նորէ՞ն սկսար լալ», ականջիս կը փսփսայ մանչս` Ալեքսը: «Չէ, տղա՛ս, չեմ լար, քիչ մը յուզուած եմ միայն»:
«Նորէն մի՛ սկսիր», կ՛ըսէ միւս մանչս` Սեւանը, «Ոչի՛նչ»,- կը պատասխանեմ,- ոչի՛նչ»:
Ի՞նչ եղաւ: Չեմ գիտեր` ի՞նչ եղաւ: Այդ կախարդական «ի՞նչ եղաւ»-ները ո՛չ գիտեմ, ո՛չ ալ կրնամ բացատրել:
«Հաւատք» եւ «Եկեղեցւոյ հանդէպ յարգանք» դիւրապէս բացատրելի բառեր եւ թեմաներ չեն:
Բացէ՛ք որեւէ բառարան եւ կարդացէ՛ք «հաւատք» բառին բացատրութիւնները: Կը վստահեցնեմ, որ բոլոր բացատրութիւններն ու պատասխանները թերի են ու չգոհացնող:
Զգացումները միշտ ալ եղած են աւելի զօրաւոր, քան` լոկ բառերու շարանները:
Այո, «հաւատք»-ը մարդկային անբացատրելի զգացում մըն է:
Իսկ «Հայ եկեղեցւոյ հաւատք»-ը կը դառնայ աւելի բարդ, ճնշիչ եւ միաժամանակ բուժիչ ու գոհացնող:
Վստահ եմ, որ օր մը երկու մանչերս պիտի հասկնան եւ զգան այս բոլորը: