• Home
  • Contact Us
  • Links

Milwaukee Armenians

Milwaukee Armenian Community Center

ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՍ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

April 7, 2012 by admin

ԳՐԻԳՈՐ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ

Ամէն կիրակի անպայմանօրէն եկեղեցի գացողը չեմ:

Չեմ տիրապետեր մեր հազարամեայ եկեղեցւոյ մերթ ոսկեայ եւ յաճախ ողբերգական պատմութեան:

Գրիգոր Լուսաւորիչէն Մովսէս Խորենացի, անցնելով Գրիգոր  Նարեկացիէն, մինչեւ մեր դարաւոր զոյգ կաթողիկոսութեանց մանրամասնութիւններուն տիրապետելէ շատ հեռու եմ:

Չեմ կարդացած «Նարեկ»-ը: Կը խոստովանիմ նաեւ, որ կողքէ կողք չեմ լրացուցած Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը:

Մեր սքանչելի սուրբ պատարագին ծանօթ եմ իր ընդհանրականութեան մէջ միայն:

Սակայն…

Ամէն անգամ որ կը մտնեմ հայկական եկեղեցի, մարմինս կը վերածուի ելեկտրականացած մէկ զանգուածի մը, գլուխս արագօրէն տեղի կու տայ սրտիս, եւ սիրտս իր կարգին տեղի կու տայ հոգւոյս:

Եկեղեցւոյ մուտքին պլպլացող, կիսահալ մոմե՞րն են միթէ: Մեր եկեղեցիներուն խորաննե՞րն են իրենց խիստ նշանակելի եւ խորհրդաւոր «Է» տառով: Հայ կղերականին հաւատքն ու նուիրո՞ւմը, դպրաց դասին երգեցողութի՞ւնը, առաջնորդին գա՞հը: Արդեօք հայոց պատմութի՞ւնն է խտացուած քանի մը շարականներու մէջ, թէ Յիսուսի խաչելութիւնը` գծուած միջակօրէն տաղանդաւոր արուեստագէտի մը կողմէ: Այս բոլորին պատասխանը կարեւոր ալ չէ:

Գիտեմ, որ եկեղեցին իմ վրաս կը բանեցնէ կախարդական եւ անբացատրելի ազդեցութիւն մը` խոհուն, խորհրդաւոր իր հազարամեայ ծանրութեամբ:

Դպրաց դասը կ՛երգէ. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ որպէս Աստուած…»: Ակնթարթի մը մէջ արդէն հոգիս սաւառնած է, աչքերս լեցուած են ու ներաշխարհս աւելի իրար անցած է, քան` նոր պատրաստուող եւ օծուող սուրբ միւռոնի կաթսան:  «Պապա, նորէ՞ն սկսար լալ», ականջիս կը փսփսայ մանչս` Ալեքսը: «Չէ, տղա՛ս, չեմ լար, քիչ մը յուզուած եմ միայն»:

«Նորէն մի՛ սկսիր», կ՛ըսէ միւս մանչս` Սեւանը, «Ոչի՛նչ»,- կը պատասխանեմ,- ոչի՛նչ»:

Ի՞նչ եղաւ: Չեմ գիտեր` ի՞նչ եղաւ: Այդ կախարդական «ի՞նչ եղաւ»-ները ո՛չ գիտեմ, ո՛չ ալ կրնամ բացատրել:

«Հաւատք» եւ «Եկեղեցւոյ հանդէպ յարգանք» դիւրապէս բացատրելի բառեր եւ թեմաներ չեն:

Բացէ՛ք որեւէ բառարան եւ կարդացէ՛ք «հաւատք» բառին բացատրութիւնները: Կը վստահեցնեմ, որ բոլոր բացատրութիւններն ու պատասխանները թերի են ու չգոհացնող:

Զգացումները միշտ ալ եղած են աւելի զօրաւոր, քան` լոկ բառերու շարանները:

Այո, «հաւատք»-ը մարդկային անբացատրելի զգացում մըն է:

Իսկ «Հայ եկեղեցւոյ հաւատք»-ը կը դառնայ աւելի բարդ, ճնշիչ եւ միաժամանակ բուժիչ ու գոհացնող:

Վստահ եմ, որ օր մը երկու մանչերս պիտի հասկնան եւ զգան այս բոլորը:

 

http://www.aztagdaily.com/archives/47074

Share this:

  • Print
  • Facebook
  • Twitter
  • Email

Like this:

Like Loading...

Related

Posted in Armenian | Tagged Հայ եկեղեցւոյ հաւատք, Հաւատք, ՀԱՅԿԱԿԱՆ, եկեղեցի, հայ եկեղեցի |

  • Recent Posts

    • An Evening of Classical Opera and Armenian Folk Songs
    • Milwaukee Armenian Fest 2022
    • HOW ARMENIANS CELEBRATE EASTER
    • HOLY WEEK 2022|CALENDAR OF CHURCH SERVICES
    • Milwaukee’s Armenian Church Celebrates Anniversary
  • Enter your email address to subscribe to this blog and receive notifications of new posts by email.

    • RSS - Posts
    • RSS - Comments

Create a free website or blog at WordPress.com.

WPThemes.


Privacy & Cookies: This site uses cookies. By continuing to use this website, you agree to their use.
To find out more, including how to control cookies, see here: Cookie Policy
  • Follow Following
    • Milwaukee Armenians
    • Join 71 other followers
    • Already have a WordPress.com account? Log in now.
    • Milwaukee Armenians
    • Customize
    • Follow Following
    • Sign up
    • Log in
    • Copy shortlink
    • Report this content
    • View post in Reader
    • Manage subscriptions
    • Collapse this bar
%d bloggers like this: