Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր, 2010
Արեւմտեան Ծնունդ Ժամը 10:30-ին
Արեւմտեան Ծննդեան արարողութեան աւարտին պիտի սպասարկուի թեթեւ ճաշ՝ որմէ ետք Կաղանդ Պապան այցելելով մեզ, նուէր պիտի բաշխէ եկեղեցւոյս բարի ու խելօքիկ փոքրիկներուն:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր համայն հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Արեւմտեան Ծնունդի տօնախմբութեան:
Մուտքը ազատ:
Ճրագալոյց ՝
Ծննդեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2011
Ընթերցում Մարգարէական Թուղթերէ եւ
Ս. Պատարագ Ժամը 19:00–ին
Կիրակի 9 Յունուար, 2011 Ս. Ծնունդ
Ս. Պատարագ Ժամը 10:00-ին
Ջրօրհնէք Ժամը 11:30-ին
Տնօրհնէք ու Ճաշ Ժամը 12:15-ին
Ս. Ծննդեան Պատարագի ու Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ Տնօրհնէք ու Ծննդեան ճաշ եկեղեցւոյս սրահին մէջ, պատրասուած գաղութիս անդամներու կողմէ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը միասնաբար տօնելու մեր Տիրոջ Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը: